ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան ինքնալուծարման եւ զինաթափման առնչութեամբ, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) Մամլոյ Դիւանի խօսնակը հանդէս եկաւ հետեւեալ պարզաբանումով:
Հաշուի առնելով մեր կազմակերպութեան եւ ինքնալուծարման ու զինաթափման որոշում ընդունած քրտական կազմակերպութեան միջեւ անցեալ դարու ութսունականներու սկիզբին համագործակցութեան փաստը, հարկ կը համարենք նշել, որ Քիւրտ ժողովուրդը ինք կ’որոշէ իր օրինական իրաւունքներու ձեռքբերման համար որդեգրելիք պայքարի ձեւերը, միջոցները եւ ներկայ ժամանակահատուածի առաջադրանքները:
Հետեւաբար՝ զինեալ պայքարէն հրաժարումը կը վերաբերի իրենց, եւ միայն իրենց:
Բռնագրաւեալ մեր հայրենիքի ազատագրութեան եւ Հայ ժողովուրդի պատմական եւ օրինական իրաւունքներու վերատիրացման համար պայքարը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի, անխտիր բոլոր ձեւերով եւ միջոցներով, հաշուի առնելով տուեալ ժամանակահատուածի աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը, տարածաշրջանի իրադրութիւնը եւ ուժերու յարաբերակցութիւնը արտայայտող առկայ վիճակը:
15 Մայիս 2025
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ (ԱՍԱԼԱ)
Մամլոյ Դիւան