copy image url
Ներքին 1 տարի առաջ - 13:55 23-04-2022

Արամ Ա-ն քննարկել է Լիբանանի, Սփյուռքի և Հայաստանի այժմյան կացության խնդիրները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.ԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Այս առաւօտ՝ Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) զանազան մարմինները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ շրջանային վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։

Ողջունելով պատուիրակութեան այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց տասնամեակներու վրայ տարածուած Հ.Բ.Ը.Մ.ի ազգանուէր ծառայութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ: Ան նաեւ ողջունեց հետզհետէ ծաւալող գործակցութիւնը Միութեան եւ Կաթողիկոսութեան միջեւ, ի նպաստ մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման ու անոր առաքելութեան հզօրացման: Նորին Ս. Օծութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանէն ներս տիրող ներկայ կացութեան գծով եւ շեշտեց մեր ազգին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

Բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումներն ու մտահոգութիւնները, Պերճ Սեդրակեան ընդգծեց եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը՝ մեր ժողովուրդի զաւակները իր շուրջ համախմբելու եւ առաւել ազդու կերպով ծառայելու հայրենիքին հզօրացման եւ մեր իրաւունքներու հետապնդման գծով: Ան նաեւ շեշտեց մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւնը՝ դիմագրաւելու ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի, Սփիւռքի եւ Հայաստանի այժմու կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներն ու երեւոյթները:

Ամենից շատ դիտված