Վատիկանի պետական քարտուղարին ուղղած նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնելէ ետք Ֆրանսիս Պապին վախճանման առիթով՝ նշեց, որ եկեղեցին վերանորոգելու առաջնորդող շարք մը յանդուգն քայլերով ան նոր էջ մը բացաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան մէջ։
Վախճանեալ Պապը շեշտեց միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը, եղաւ զօրակից անարդարութեան զոհ ժողովուրդներուն՝ պաշտպանելով արդարութիւնը եւ ընկերային ծառայութիւնը նկատեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը։
Արդարեւ, ան իր օրինակելի համեստութեամբ ու պարզութեամբ եղաւ «ժողովուրդի՛ն Պապը»։