Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հետևում է Իրանի և Երուսաղեմի հայ համայնքում ստեղծված իրավիճակին․
«Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ շարունակուող ռազմական գործողութիւնները բնականաբար երկու երկիրներուն մէջ հաստատուած հայ համայնքներուն մօտ յառաջացուցին լուրջ մտահոգութիւններ:
Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ, Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2025-ին, դժուարութեամբ կարողացաւ կապ հաստատել Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ եւ իմացաւ, որ հայ համայնքը չէ ենթարկուած որեւէ վնասի եւ մօտէն կը հետեւի տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումներուն՝ իր կրօնական ու համայնքային կառոյցներուն ու պատասխանատուներուն ճամբով: Ինչ կը վերաբերի Երուսաղէմի եւ շրջակայքի հայ համայնքին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը դարձեալ մօտէն կը հետեւի հայ համայնքի ապահովական կացութեան»: