Արամ Ա Կաթողիկոսի ուղերձը՝ Խաչվերացի տոնի առթիվ.
«Այսօր Խաչվերաց է, ժողովրդային բացատրութեամբ՝ Խաչի տօն։
Խաչը սոսկ քրիստոնէական կրօնքը յատկանշող խորհրդանիշ մը չէ, ո՛չ ալ միայն պատմական դէպքի մը առնչուած յուշ մը` եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ նշուող։
Խաչը էապէս խորհրդանիշ է անհուն սիրոյ, գերազանց զոհողութեան ու անմնացորդ ծառայութեան։
Գողգոթայի կատարին խաչն ու Խաչեալը նոյնացան՝ դառնալով յաւերժախօս պատգամ սիրոյ, զոհողութեան ու ծառայութեան։
Արդ, չի՛ բաւեր միայն խաչով զարդարել մեր եկեղեցիները, մեր տուներն ու մեր կուրծքերը։ Խաչը պէտք է ապրի՛լ. անոր պատգամը պէտք է թարգմանել մեր կեանքին մէջ։